2017-05-16 10:01:00

ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի յատուկ նիստ` Հս. Քորէայի հրթիռի փորձարկման հարցով


Մայիս ամսուան ընթացքին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին նախագահող Ուրուկուէյի ներկայացուցչութիւնը յայտարարեց, որ Ճափոն ու Միացեալ Նահանգներ այսօր պահանջած են Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի մը գումարումը`  քննարկելու համար Հիւսիսային Քորէայի կատարած հրթիռի նոր փորձարկումի հարցը:

Ըստ ռուսական մամլոյ տեղեկութեանց, հիւսիսային Քորէայի նախագահը երէկ յայտարարած է. «Պիտի շարունակենք մեր հրթիռային ու հիւլէական ծրագիրները զարգացնել ընդդէմ արեւմտեան որեւէ վտանգի»:








All the contents on this site are copyrighted ©.